Շուէտական Blankspot կայքը կը հաղորդէ, թէ գաղտնի փաստաթուղթի միջոցով բացայայտած է տեղեկութիւններ Հայաստանի մէջ Յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ Ռուսիոյ ուղղակի ազդեցութեան մասին։
Նշուած է, որ գաղտնազերծուած փաստաթուղթին միջոցով բացայայտուած է, թէ ինչպէս Ռուսիան ծրագրած է նուազեցնել Հայաստանի կառավարութեան ժողովրդականութիւնը։ Որպէս նպատակ գրուած է՝ ««Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան եւ անոր դաշնակից քաղաքական ուժերուն ընտրական ազդեցութիւնը նուազագոյնի հասցնել 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն»։
Կայքը, յղում կատարելով իր վստահելի աղբիւրին, նշած է, թէ ձեռք ձգած է «2026 թուականի «հակափաշինեանական» ուղղութեամբ աշխատանքի ծրագիր» վերնագիրով ռուսական փաստաթուղթ մը, ուր ուրուագծուած են թէ՛ ընդհանուր նպատակները, թէ՛ անոնց իրագործման յստակ միջոցները։
Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ հիմնական նպատակը ընտրութիւնները ներկայացնելն է որպէս «անձամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ վստահութեան քուէ»։
«Փաստաթուղթը նաեւ կը նկարագրէ Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ Հայաստանի կառավարութեան ազդեցութիւնը սահմանափակելու ջանքերը։ Առանձին նպատակ է կանխել Փաշինեանի քաղաքական կերպարի փոփոխութիւնը կամ արդիականացումը քուէարկութենէն առաջ։
Այնուամենայնիւ, փաստաթուղթին մէջ նշուած չէ, թէ ընդդիմադիր ո՛ր կուսակցութիւնն է Ռուսիան նախընտրեր Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ին փոխարէն, այլ կը նկարագրուին այն գործիքները, որոնք պէտք է օգտագործուին հանրային կարծիքին վրայ ազդելու համար։ Առաջարկներուն մէջ կայ նաեւ ընկերային ցանցերու մէջ Ռուսիոյ կողմնակից նարատիւներու ներկայութիւնը 2025-ի աշունին համեմատ եռապատկելու ծրագիր՝ օրական մէկ միլիոն դիտումէն հասցնելով երեք միլիոնի»,– գրած է կայքը։
Գաղտնազերծուած փաստաթուղթին համաձայն՝ համացանցին մէջ Ռուսիոյ մասին կարծիք ձեւաւորողներուն թիւը 15-էն պէտք է ընդարձակուի մինչեւ 40, իսկ անոնցմէ ամենէն աչքի զարնողները ընտրովի պաշտօններ պէտք է զբաղեցնեն ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն մէջ՝ ընտրութիւններէն առաջ։
Թէ ինչպէս պէտք է իրագործուի այս բոլորը, փաստաթուղթին մէջ կը նշուի՝
Տեղեկատուական եւ քարոզչական աշխատանքներ տեսահարթակներու վրայ՝ Facebook, TikTok, Instagram, YouTube
Այս աշխատանքներուն ծաւալը եռապատկել՝ հասնելով օրական 2.5-3 միլիոն դիտման Հիմնական կարծիք ձեւաւորողներու առաջմղում Ընդդիմադիր թեկնածուներու առցանց արտադրութեան աջակցութիւն Քաղաքական մեկնաբաններու թիւի աճ՝ 15-էն մինչեւ շուրջ 40 Ամենախոստումնալից անձերուն ներառում ընդդիմադիր դաշինքներու ցուցակներուն մէջ Հայաստանի մէջ սեփական լրագրողական խումբերու ստեղծում «Կեղծ դրօշ» ընկերայինն արշաւներու շարունակութիւն եւ ընդլայնում Հայկական լրատուամիջոցներու մէջ բացասական քարոզչական արշաւներու աւելացում Հոգեբանական ճնշում սոցիալական ցանցերու մէջ՝ յատկապէս «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի թեկնածուներուն եւ գործիչներուն դէմ։
Blankspot-ը նշած է, որ ստուգած է փաստաթուղթին իսկութիւնն ու ծագումը, սակայն անկարելի է ճշդել, թէ ռազմավարութիւնը որքանով իրականացած է կամ ինչ աստիճանի կարեւորութիւն ունեցած է ռուսական ազդեցութեան ջանքերուն մէջ։