image

« Գէորգը մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնաց՝ Լիբանանահայութեան». Պարոյր Աղպաշեան կ՚ոգեկոչէ՝ Գէորգ Գէորգեանի յիշատակը

 « Գէորգը մինչեւ վերջ  հաւատարիմ մնաց՝ Լիբանանահայութեան». Պարոյր Աղպաշեան կ՚ոգեկոչէ՝ Գէորգ Գէորգեանի յիշատակը

 Լիբանանահայ մտաւորական, աւագ խմբագիր՝ Պարոյր Աղպաշեան կը գրէ՝ 

 

Գէորգ եղաւ այն քիչերէն, որ հաւատարիմ մնաց լիբանանահայ գաղութի գոյակեցութեան, զայն միշտ նկատելով այն անփոխարինելի տեղավայրը, ուր ոչ միայն իրերայաջորդ սերունդներ դաստիարակուեցան, այլեւ՝ յարատեւօրէն, մտաւորականներ, գործիչներ ու կազմակերպիչներ մատակարարեց աշխարհատարած այլ գաղութներուն, որպէսզի հոն հաստատուած հայորդիներ մնան կառչած իրենց արմատներուն, ազգային, հայրենական, կրթական, մշակութային եւ միութենական առողջ պատկանելիութիւններով:

Նոյնիսկ քաղաքացիական պատերազմին, ան չյուսահատեցաւ, չնահանջեց, այլ մնաց կանգուն եւ աներեր, բանալով իր սեփական դեղատունը հայաշատ Պուրճ Համուտին մէջ, խորապէս համոզուած ըլլալով, նախ՝ իր մարդկային-ասպարէզային առաքելութեան ծառայութեան, ապա՝ լիբանանահայ համայնքին իր զօրակցութիւնը անդուլօրէն շարունակելու վճռակամութեան:

Ան կրնար եւ ի վիճակի էր մեկնելու կամ փոխադրուելու այլ ցամաքամասեր, ափեր, բայց, չհաշտուեցաւ նման գաղափարի մը հետ, նախընտրելով մնալ Լիբանան, իր ընտանիքին կողքին, նաեւ մօտիկ զգալու հայկական շրջանակներու կեանքին եւ առօրեային:

Ուրախ ու հպարտ էր իր ընտանեկան բոյնով, իսկ աւելի քան երջանիկ, երբ իր երկու դուստրերը՝ Հուրին ու Ռոզինը, ուստրը՝ Յակոբը, ընտանիք կազմեցին եւ ինք եւ իր ազնիւ տիկինը՝ Նորան, շրջապատուեցան իրենց քաղցր թոռներով:

Ափսո՜ս որ, մինչ հայր Գէորգը հիւանդանոցն էր, փոքրիկն Գէորգը աշխարհ եկաւ, բայց, զայն տեսնելու ու գգուելու առիթը չունեցաւ մեծ հայրը՝ Գէորգը:

***

Գէորգին հետ ծանօթութիւնս երկարամեայ էր. ՀԵԸի Զարեհ Նուպարէն, Յովակիմեան-Մանուկեանէն, ՀԵԸի Ալեք Մանուկեանէն մինչեւ մեր ընկերային ծանօթութիւնն ու սերտակցութիւնը, մերթ ընտանեկան յարաբերութիւններէն, մերթ ալ՝ նոյն թաղամասին մէջ համակեցութենէն:

Գէորգը միութենասէր էր, ատոր համար ալ եղած էր ՀԵԸի սկաուտներէն, մշակութային վարչականներէն, որոնք իր սրտին մօտիկ շարժումներ էին, մանաւանդ երբ մնայուն ներկայութիւն մըն էր մեր շրջանակներու ձեռնարկներուն, քաջալերելով անոնց կայացումը ու բերած բարիքները գաղութիս:

Ան սիրուած էր իր անմիջական շրջանակներէն, թէ՛ հայկական, թէ՛ արաբական, որոնց ծառայած էր, իսկ անոնք ջերմապէս գնահատած էին իր նուիրումները:

Սակաւախօս էր, համեստ, ցուցամոլութենէն հեռու էր, միշտ փորձելով, գործեով փաստել իր մարդասիրութիւնը, յատկանիշ մը որ առողջապահական մարզերու մասնագէտներուն համար, արժէքաւոր բարենիշ մըն է:

Իր սուսիկ-փուսիկ մեկնումը, անտարակոյս կորուստ մըն էր ե՛ւ ընտանիքին ու հարազատներուն, ե՛ւ ընկերային ու շրջապատային բարեկամներուն համար, որոնք սրտայոյզ զգացումներով, վերջին հրաժեշտ տուին անոր, մեծ թիւով սգակիրներու մասնակցութեամբ:

Մենք ալ, մեր հերթին, կորսնցուցինք անկեղծ ընկեր մը, որուն համար, այս տխուր առիթով, կը յայտնենք մեր ցաւակցութիւնները՝ տիկնոջ, զաւակներուն եւ ընտանիքներուն, նաեւ ազգակիցներուն: