Այս հարցադրումները արդէն 4-րդ օրն է՝ կը տրուին Շիրակի մարզի պատասխանատուներուն, սակայն յստակ տեղեկութիւններ վերջիններս տրամադրել չեն կրնար, քանի որ անոնց չեն տիրապետեր:
Ըստ տեղեկութիւններու՝ անոնք 15 դեկտեմբերին գերի ինկած են Խծաբերդի հատուածին մէջ:
Լարուած վերջին հանդիպումը Շիրակի մարզպետարանին մէջ տեղի ունեցած էր երէկ ուշ երեկոյեան: Մարզպետ Տիգրան Պետրոսեանը տեղեկացուցած էր, որ նախատեսուած հանդիպումը ՊՆ պատասխանատուներու հետ չէ կայացած, քանի որ անոնք Երեւան չեն եղած, բայց մարզպետին փոխանցած են, որ վերջիններս բանակցութիւններու գործընթացի մէջ են, սակայն յայտնելու նոր տեղեկութիւն չունին:
Պետրոսեանը հանդիպած էր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ) ՀՀ ներկայացուցչի հետ: Անոնք այսօր պիտի այցելեն Գիւմրի, որպէսզի հանդիպին գերեվարուած տղաներու ծնողներուն ու հարազատներուն հետ:
