Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքը ժամանած է Երեւան։
Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը դիմաւորած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պարոյր Յովհաննիսեանը։
ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը յայտնած է, որ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարներու առանձնազրոյցը, որուն յաջորդած է ընդլայնուած կազմով հանդիպումը` երկու պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:
Հայաստան այցի ընթացքին Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքը պիտի հանդիպի նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
Պերոպքը պիտի այցելէ նաեւ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութիւն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն փախստականներու ընդունման կեդրոն: