Լուսահոգի մտաւորականներ՝ Վարուժան եւ Սօսի Պետիկեաններու աւագ որդւոյն՝ Տօքթ. Ռաֆֆի Պէտիկեանի անունը ծանօթ է մեր ընթերցողներէն շատերուն։
Ծնած ըլլալով Պէյրութի մէջ, ան տեղի հայեցիութեան, ոգիին եւ աշխատասիրութեան վաւերական կրողն է, որ նաեւ իր եռանդուն ներկայութեամբ յաջողած է ստեղծել ոչ միայն գործունէութեան աշխոյժ դաշտ մը, այլ բարեկամներու համակ ցանց մը, որ կը տարածուի հայրենիք՝ Հայաստանէն մինչեւ հեռաւոր սփիւռքեան ափեր։
Տօքթ. Պէտիկեան օրերս կը գտնուէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափ, ուր նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ իր վաղեմի բարեկամներուն հետ, անշուշտ միշտ ուշադրութեան կեդրոն դարձնելով հայագաղութներուն միջեւ առկայ գործակցութիւնը աւելի վառ երանգներով իրականութիւն դարձնելու, իւրաքանչիւր աշխոյժ եւ նուիրեալ հայու երազն ու հաւատամքը։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Տօքթ. Պէտիկեանի ԱՄՆ կատարած կարճ այցին եւ հանդիպումներուն մասին մեր պաշտօնակից «Պայքար» շաբաթաթերթի կատարած անդրադարձը։
Կարճ այցելութեամբ Նիւ Եորք ժամանած գերմանահայ (ու նախկին լիբանանահայ) ծանօթ ազգային Տոքթ. Ռաֆֆի Պատիկեան ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը 30 Յուլիսիսն, ընկերներ Վարդան Նազիրեանի եւ Յակոբ Վարդիվառեանի հետ: Յարգարժան հիւրը ատերնադպիրն է Գերմանիոյ ազգային խորհուրդին եւ իր լայն մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի ազգային կեանքէն ներս: Ան լայնօրէն անդրադարձաւ Եւրոպայի ազգային կեանքէն ներս: Ան լայնօրէն անդրադարձաւ Եւրոպայի զանազան համայնքներու կեանքին ու անոնց ունեցած գործունէութեան: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ թեմակալ առաջնորդ Սերովբէ Եպս. Իսախանեանի ծաւալած բոլորանուէր ծառայութեան մասին:
Տոքթ. Պետիկեան շնորհալի զաւակն է կրթական մշակներ Վարուժան եւ Սօսի Պետիկեաններուն:
Երեք տարիներ առաջ ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբի Պերլին այցը յետաձգուեցաւ քորոնայի պատճառով: Յառաջիկայ Ապրիկ 24ի համար Տոքթ. Պետիկեան խոստացաւ հրաւիրել թատերախումբը ներկայացնելու համար Պերճ Զէյթունցեանի «Դատարանն է, որքի՛» թատերախաղը, որ կը մարմնաւորէ Թեհլիրեանի կերպարն ու ծանօթ արարքը:
Աւելի լայն գործակցութեան հեռանկարով եւրոպական զանազան համայնքներու հետ կողմերը խոստացան ունենալ մնայուն յարաբերութիւններ: