image

Գերմանացի պատասխանատու մը խօսած է Թուրքիոյ տրամադրուող օգնութիւնները առկախելու մասին

Գերմանացի պատասխանատու մը  խօսած է  Թուրքիոյ տրամադրուող  օգնութիւնները առկախելու մասին

Անկելա Մերկելի ղեկավարած կուսակցութեան՝ Քրիստոնեայ- դեմոկրատական միութեան (CDU) փոխնախագահ Յուլիա Քլէոքները պահանջած է դադրեցնել Թուրքիոյ տրամադրուող  դրամական միջոցները: CNNTürk  կը հաղորդէ, որ «Թուրքիոյ տրամադրուող միջոցները նախատեսուած են իրաւական պետութեան սկզբունքներու ապահովման համար, այնինչ Թուրքիոյ մէջ հակառակը կը պատահի։  Եւրամիութիւնը կը խրախուսէ ոչ թէ ժողովրդավարութեան վերացումը, այլ՝ զարգացումը»:

Քլէոքներ  Թուրքիա մեկնող գերմանացիներուն յորդորած է զգոյշ ըլլալ։  Ան համոզուած է, որ առկայ լարուածութիւնը մտահոգիչ է եւ Թուրքիան չի կրնար ԵՄ անդամ դառնալ: 
Յիշեցնենք, որ Թուրքիա-ԵՄ անդամակցութեան բանակցութիւնները սկսած են 2005-ին: ԵՄ անդամակցութեան պատրաստուելու նպատակով նախատեսուած էր 2014-2020 Թուրքիոյ տրամադրել 4 մլրդ 450 մլն.  եւրօ դրամական օգնութիւն: