Անկելա Մերկելի ղեկավարած կուսակցութեան՝ Քրիստոնեայ- դեմոկրատական միութեան (CDU) փոխնախագահ Յուլիա Քլէոքները պահանջած է դադրեցնել Թուրքիոյ տրամադրուող դրամական միջոցները: CNNTürk կը հաղորդէ, որ «Թուրքիոյ տրամադրուող միջոցները նախատեսուած են իրաւական պետութեան սկզբունքներու ապահովման համար, այնինչ Թուրքիոյ մէջ հակառակը կը պատահի։ Եւրամիութիւնը կը խրախուսէ ոչ թէ ժողովրդավարութեան վերացումը, այլ՝ զարգացումը»:
Քլէոքներ Թուրքիա մեկնող գերմանացիներուն յորդորած է զգոյշ ըլլալ։ Ան համոզուած է, որ առկայ լարուածութիւնը մտահոգիչ է եւ Թուրքիան չի կրնար ԵՄ անդամ դառնալ:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիա-ԵՄ անդամակցութեան բանակցութիւնները սկսած են 2005-ին: ԵՄ անդամակցութեան պատրաստուելու նպատակով նախատեսուած էր 2014-2020 Թուրքիոյ տրամադրել 4 մլրդ 450 մլն. եւրօ դրամական օգնութիւն: