image

Գերասիմ Վարդանեանը հրաժարած է պատգամաւորական մանթատէն

Գերասիմ Վարդանեանը հրաժարած է պատգամաւորական մանթատէն

ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի անդամ Գերասիմ Վարդանեանը պատգամաւորական մանթատէն հրաժարելու դիմում  ներկայացուցած է Կեդրոնական ընտրական յանձանաժողովին: Ան այդ մասին գրած է դիմատետրեան էջին։

«Յայտնում եմ, որ լինելով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամ եւ նկատի ունենալով իմ աշխատանքային ու կազմակերպական ծանրաբեռնուածութիւնը, ինչպէս նաեւ որոշ այլ հանգամանքներ՝ անձնական որոշում եմ կայացրել, համաձայն որի՝ այս փուլում իմ խորհրդարանական գործունէութիւնը նպատակայարմար չեմ համարում»,–նշած է ան։

Վարդանեանը յորդորած է իր քայլը դիտարկել պայքարի դաշտի մէջ մարտավարական դիրքաւորման ծիրէն ներս։

Նշենք, որ օրերս պատգամաւորական մանթատէն հրաժարած էր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգմաւոր Արմէն Չարչեանը: