image
Հրատապ լուրեր:

Գեղարքունիքի մէջ երկրաշարժին հետեւանքով կան փլուզումներ. Մարզպետ

Գեղարքունիքի մէջ երկրաշարժին հետեւանքով կան փլուզումներ. Մարզպետ

 

Դեռ աւերածութիւններու ամբողջ ծաւալը չեմ կրնար ըսել, բայց որոշ համայնքներու մէջ, յատկապէս հին կառոյցներու մէջ, փլուզումներ կան։ Այս մասին ըսած է Գեղարքունիքի մարզպետ Գնէլ Սանոսեանը։

 

«Մի քանի ֆիքսած դէպքեր ունենք, որ հին անասնագոմեր են փլուել։ Որոշակի վնասներ կան։ Այս պահին հոսանքի վերականգնման խնդիրն է, որը րոպեներ առաջ արդէն կարգաւորուեց։ Մօտ 1,5 ժամ հոսանք չկար»,- ըսած է մարզպետը։

Յիշեցնենք, որ 5 փետրուարին, Հայաստանի մէջ գրանցուած է երկրաշարժ։ Երկրաշարժի կեդրոնը եղած է Գեղարքունիքի մէջ՝ 6-7 աստիճան ուժգնութեամբ։

 

Լուրը՝  NEWS.am-էն