image
Հրատապ լուրեր:

Գանատայի հայոց թեմի ազգային երեսփոխաններու եւ հոգաբարձութեանց միօրեայ խորհրդաժողով Քինկըսթընի մէջ

Գանատայի հայոց թեմի ազգային երեսփոխաններու եւ հոգաբարձութեանց միօրեայ խորհրդաժողով Քինկըսթընի մէջ

Քինկսթընի մէջ, օրերս, տեղի ունեցած է Գանատայի Հայոց Թեմի տարեկան Ազգային Երեսփոխաններու եւ Հոգաբարձութեանց միօրեայ խորհրդաժողովը, նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, ներկայութեամբ Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներուն եւ մասնակցութեամբ Թեմի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող Հոգեւոր Հովիւներուն։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Հորիզոն»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Շաբաթ, 16 Նոյեմբեր 2024-ին Քինկսթընի «DELTA Kingston Waterfront Hotel»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի տարեկան Ազգային Երեսփոխաններու եւ Հոգաբարձութեանց միօրեայ խորհրդաժողովը, նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ ներկայութեամբ Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ ծառայող Հոգեւոր Հովիւներուն։

Խորհրդաժողովի բացումը կատարեց Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Ատենապետ Կրօնական Ժողովի իսկ բացման խօսքը փոխանցեց Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան։

Օրակարգի նիւթերն ու պատգամաբերներն էին.-

• «Կրօնքը հիմք՝ ընկերային փոխ- յարաբերութեան»

Պրն. Արշաւիր Գաբուճեան (առցանց)

Գործադիր Տնօրէն՝ «Դանիական Հայկական Բարեգործական Առաքելութիւն» կազմակերպութեան

• «Ինչպէ՞ս եկեղեցի ըլլալ սփիւռքեան իրավիճակին մէջ»

Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան

Ատենապետ՝ Կրօնական Ժողովին

• «Կիրակնօրեայ Դպրոցը եւ երիտասարդ քրիստոնեան»

Պրն. Թորոս Պապիկեան

Տնօրէն՝ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի

Խորհրդաժողովը հասաւ իր աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման խօսքով։ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ այս օրը պարգեւեց բոլորիս ու ապա գնահատեց եւ շնորհաւորեց բոլոր մասնակիցները եւ խնդրեց որ Հոգաբարձութեան անդամ-անդամուհիները Հոգեւոր Հայրերուն որպէս օգնականներ՝ շաւիղ դառնան եկեղեցիներու առաքելութեան։

Խորհրդաժողովը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։