image
Հրատապ լուրեր:

Գահիրէի մէջ. Միրզոյեան ընդունուած է Անպա Թէոտորոսի կողմէ

Գահիրէի մէջ. Միրզոյեան ընդունուած է Անպա Թէոտորոսի կողմէ

8 մարտին, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Գահիրէի մէջ հանդիպած է Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ, Աղեքսանդրիոյ Պապ եւ Ս. Մարկոս աթոռի պատրիարք Թէոտորոս Երկրորդին հետ: Հանդիպումը կայացած է նախարարի՝ Արաբական պետութիւններու լիկայի խորհուրդին մասնակցելու նպատակով Եգիպտոս կատարած այցի ծիրին մէջ:

Թէոտորոս պապի կողմէ ընդգծուած է Եգիպտոսի հայկական համայնքի ունեցած նշանակալի դերակատարումը, որ իւրօրինակ կամուրջի դեր կը կատարէ երկու հնագոյն քաղաքակրթութիւններ ներկայացնող հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն միջեւ:

Նշուած են նաեւ հայ եւ ղպտի քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներու միջեւ հաստատուած՝ ընդհանուր արժէքներու ու փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած ամուր կապերը:

Անդրադարձ կատարուած է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հարցերուն: Արարատ Միրզոյեան զրուցակիցին ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի առանցքային հարցերը, անոնց կարգաւորման՝ հայկական կողմի տեսլականը: Հոգեւոր առաջնորդի ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական մարտահրաւէրներուն: