Լիբանան- ԲՀԿ նախկին առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան 500 հազար ամերիկեան տոլար նուիրած է Անթիլիասի աթոռին: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի կայքը: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Ծառուկեան դէպի Եւրոպա մեկնելու իր ճանապարհին կարճ այցելութիւն մը տուած է Անթիլիաս, ուր հանդիպած է Արամ Ա. Վեհափառին եւ պատասխանատու մարմիններուն հետ: Ծառուկեան նաեւ յայտարարած է, որ իր ազգանունով գործող «Ծառուկեան հիմնադրամ»ը 500 հազար ամերիկեան տոլար կը նուիրաբերէ Անթիլիասին եւ Սուրիահայերուն: Հանդիպման ներկայ եղած է Բերիոյ Թեմի առաջնորդ ՝ Տ. Շահան Սրբազան, որ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցած է Հալէպի եւ Սուրիոյ մէջ մնացող հայութեան մասին եւ պարզած է անոնց խնդիրները: Ծառուկեան գոհունակութիւն յայտնած է իր Լիբանան գտնուելուն համար: Աւարտին տեղի ունեցած է նուէրներու փոխանակում: