Առնուազն ինը մարդ զոհուած է Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ Միացեալ Նահանգներու օդային հարուածներու հետեւանքով, յայտնած է Al Jazeera-ն՝ վկայակոչելով Եմէնի առողջապահութեան նախարարութիւնը։
Հաղորդուած է նաեւ, որ վիրաւորուած է ինը մարդ:
Աւելի վաղ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ հրամայած է երկրի զինուած ուժերուն սկսիլ «վճռական եւ հզօր ռազմական գործողութիւններ» Եմէնի հուսիներուն դէմ։
«Անոնք ծովահէնութեան, բռնութեան եւ ահաբեկչութեան անողոք արշաւ կը վարեն ամերիկեան եւ այլ նաւերու, ինքնաթիռներու եւ անօդաչու սարքերու դէմ։ Ճօ Պայտընի պատասխանը ողբալիօրէն թոյլ էր, ուստի անսանձ հուսիները պարզապէս շարունակեցին գործել»,- գրած է Թրամփը՝ կոչ ընելով նաեւ Իրանին «անյապաղ դադրեցնելու» աջակցութիւնը հուսիներուն։