Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է ՀՀ քաղաքացիի քրէական դատապարտման առաջին դէպքի առնչութեամբ` պայմանաւորուած կառավարական պաշտօնեաներիու հանդէպ «լուրջ վիրաւորանքի» քրէականացման մասին նոր օրէնքով:
«Այս օրէնսդրութեան կիրառումը, որ միայն 2022 թուականին յանգեցուցած է աւելի քան 260 քրէական գործի յարուցման, կը խօսի Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կանոններու յստակ քայքայման մասին եւ սառեցնող ազդեցութիւն կ'ունենայ խօսքի ազատ արտայայտման վրայ:
Կոչ կ'ընենք խորհրդարանին չեղարկելու այս օրէնքը, որ այնքան կոպտօրէն կը խախտէ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ հաստատուած սկզբունքները, երկրի յանձնառութիւնները` ԵԱՀԿ-ի եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտի շրջանակին մէջ, որուն մասն է Հայաստանը», կ'ըսուի կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ: