image

Ֆրանսայի կողմէ դէպի Արցախ ուղարկուող մարդասիրական օգնութեան շարասիւնը հասած է Սիւնիք

Ֆրանսայի կողմէ դէպի Արցախ ուղարկուող մարդասիրական օգնութեան շարասիւնը հասած է Սիւնիք

Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնն ու 10 բեռնատարներէ բաղկացած շարասիւնը հասած է Սիւնիք։ Այս մասին կը տեղեկանանք Սիւնիքի մարզպետարանի դիմատետրեան էջէն։

Նշենք, որ Ֆրանսայէն ուղարկուած մարդասիրական բեռերով մեքենաները Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն շարժած են դէպի Կոռնիձոր` այնտեղէն Արցախ ուղեւորուելու համար։

«Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեանն այսօր Գորիսում Արցախի ԱԳ նախարար Սերգէյ Ղազարեանի եւ Գորիս համայնքի ղեկավար Առուշ Առուշանեանի հետ դիմաւորել է Փարիզի քաղաքապետ Անն Իդալգոյին եւ նրա գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներին»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք, որ Անն Իտալկոն կ'ուղեկցի 10 բեռնատարերէ բաղկացած շարասիւնին, որ Արցախի համար նախատեսուած մարդասիրական օգնութիւն կը տանի։ Մարդասիրական օգնութիւնը հաւաքած են ոչ միայն Փարիզ քաղաքը, այլեւ Ֆրանսայի շարք մը շրջաններ, մասնաւորաբար` Իլ տը Ֆրանսը, Օվերն-Ռոն-Ալպը, Օքսիթանիա Փրովենս Ալպ կոթ տը Ազուրը, Օ տը Ֆրանսը, Փեյս տէ լա Լուարը։