Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան ապրիլին պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան։ Այդ մասին ան տեղեկացուցած է Ծերակոյտին մէջ ելոյթի ժամանակ։
Ֆրանսայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ խօսած է այցելութեան նպատակի մասին։ Անոր խօսքով` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ պիտի քննարկուի Լաչինի միջանցքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորման հարցը։
«Լեռնային Ղարաբաղ կը հասնի անբաւարար քանակի մթերք, այն ալ` Կարմիր խաչի շնորհիւ, որուն կ'օգնէ Ֆրանսան: Անհրաժեշտ է վերականգնել ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով եւ ավելի լաւ ապահովել Լեռնային Ղարաբաղ մատակարարումը: Ֆրանսան չի խօսիր, այլ կը գործէ»,-ըսած է ան:
«Առաջին իսկ օրէն Ֆրանսան կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակումը։ Այն կը սրէ լարուածութիւնը։ Ես մտադիր եմ ապրիլի վերջը այցելել Պաքու եւ Երեւան, որպէսզի տեղ հասցնեմ այդ միտքը», - յայտարարած է Արտաքին գործոց նախարար Քոլոննան։