Ֆրանսան Իսրայէլին կոչ ըրած է անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնը Կազայի հատուածի հարաւը գտնուող Ռաֆահին մէջ։ Յայտարարութիւնը տեղադրուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան X-ի միգրոպլոկին։
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ափսոսանք յայտնած է գործողութեան կապակցութեամբ, որ «կը սպառնայ աղէտալի իրավիճակ ստեղծել» տարածքը գտնուող խաղաղ բնակիչներուն համար, որոնք արդէն քանի մը անգամ տեղահանուած են։ Փարիզը նշած է, որ Կազայի խաղաղ բնակիչները «անվտանգ վայրեր չունին»:
«Մենք կոչ կ'ընենք իսրայէլեան իշխանութիւններուն անյապաղ դադրեցնելու այս ռազմական գործողութիւնը եւ նորէն մտնելու բանակցութիւններու ուղի, որ միակն է, որ կրնայ յանգեցնել պատանդներու անյապաղ ազատման եւ կայուն զինադադարի ձեռքբերման», - ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ կոչ ըրած է Իսրայէլին վերաբանալու Ռաֆահ անցակէտը Կազայի հատուածի եւ Եգիպտոսի միջեւ, ինչպէս նաեւ խստօրէն դատապարտած է 7 մայիսին իսրայէլացի վերաբնակիչներու յարձակումը Յորդանանի մարդասիրական օգնութեան ինքնաշարժներուն վրայ։ Բացի այդ, Փարիզ դատապարտած է պաղեստինեան «Համաս» շարժման յարձակումը Քերեմ Շալոմ անցակէտին վրայ։