image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսացի գործիչը ծանր պատասխան տուած է Ատրպէյճանի դեսպանին

Ֆրանսացի գործիչը ծանր պատասխան տուած է Ատրպէյճանի  դեսպանին

Ֆրանսայէն Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի նախագահ Նաթալի Լուիզօն կտրուկ արձագանգած է Ատրպէյճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆաեւի թուիթին, որ հրապարակած էր նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը այն մասին, որ Պաքուն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին «թոյլ պիտի չտայ» զբաղելու ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորմամբ:

«Պարոն դեսպան, դիւանագիտութիւնը առաջին հերթին կը կայանայ այն երկրի նկատմամբ յարգանքի մէջ, ուր պատիւ ունիս ծառայելու: Ֆրանսան Մինսքի խումբին համանախագահն է, եւ դուք կը ձեւացնէք, թէ կը հրաժարիք անկէ։

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ, հրադադարը չի պահպանուիր: Երէկ 3 հայ մահացած է», գրա է ան։