image

Ֆրանսա մարդասիրական օգնութիւն պիտի առաքէ դէպի Արցախ

Ֆրանսա մարդասիրական օգնութիւն պիտի առաքէ դէպի Արցախ

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու միութեան (CCAF) խնդրանքով Փարիզի քաղաքապետը հանդէս եկած է նախաձեռնութեամբ՝ կոչ ընելով Ֆրանսայի տարածաշրջանային համայնքներուն մարդասիրական բեռնատարերու շարասիւն կազմակերպել 2022 թ. 12 դեկտեմբերէն շրջափակման մէջ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն։ Այս մասին յայտնած է Մուրատ Փափազեանը դիմատետրեան իր էջին։ 

Ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի Իլ-տե-Ֆրանս, Օվերն-Ռոն-Ալպ, Օ տը-Ֆրանս, Փրովանս-Ալպեր-Քոթ տ'Լազուր, Պայ տե Լուար շրջաններու եւ Ֆրանսայի բազմաթիւ քաղաքներու կողմէ:

Անն Իտալկոն, Քսավյէ Պերթրանը, Պրունօ Ռեթայոն, Ժաննա Պարսեկեանը, ինչպէս նաեւ Փաթրիք Քարամը եւ Միշել Ռուպիրոլան որոշած են անձնապէս ուղեկցիլ շարասիւնին, որ Լաչինի միջանցք պիտի հասնի 30 օգոստոսի կէսօրին։

CCAF-ը շնորհակալութիւն յայտնած է համայնքներուն նիւթական աջակցութեան, ինչպէս նաեւ այս ծրագրին մէջ ներգրաւուած պաշտօնեաներու քաղաքական խիզախութեան եւ նուիրուածութեան համար:

CCAF-ը Ֆրանսայէն եւ եւրոպական իշխանութիւններէն կը խնդրէ յատուկ դիւանագիտական ​​միջոցներ կիրառել, որ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներով 10 բեռնատարեր անցնին Ատրպէյճանի սահմանած անցակէտով եւ հասնին իրենց նշանակէտին։ 

Այժմ, երբ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը կը գտնուի սովի եզրին, ժամանակն է համերաշխութեան, գործողութիւններու եւ պատժամիջոցներու՝ մեր աչքի առաջ ծաւալող մարդասիրական ողբերգութեան պատասխանատուներու դէմ։

Յիշեցնենք, որ մարդասիրական շարասիւն ուղարկելու գաղափարը յայտարարած էր Ֆրանսայի Օվերն-Ռոն-Ալպեր շրջանի ղեկավար Լորան Վոքէն՝ մարտին Երեւանի մէջ։