Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը անդրադարձած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած գործընթացներուն:
«Մենք կ'ողջունենք Հայաստանի ու Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակելու մասին յայտարարութիւնները՝ ուղղուած երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման: Գործընթաց, որուն Ֆրանսան լիակատար կ'աջակցի», ըսուած է Ֆրանսայի ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մէջ: