Ֆրանքոֆոնիայի խորհրդարանական վեհաժողովի Եւրոպայի տարածաշրջանի համաժողովն ընդունած է բանաձեւ, որով անվերապահ աջակցութիւն կը յայտնէ Հայաստանին, մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ինչպէս յայտնած է Ֆրանքոֆոնիայի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Արման Եղոյեանը, բանաձեւը կ՚ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը`խստօրէն դատապարտելով էթնիք զտման բոլոր ձեւերն ու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը։