Վատիկան- Յորդանանի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ յղուած ուղերձով մը Հռոմի Ֆրանչիսկոս քահանայապետը ըսած է, որ արեւելքի քրիստոնեաները արդի դարու նահատակներն են: Պապը , որուն պատուիրակը Ամման ժամանած էր Յորդանանի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ օժանդակութիւններ տրամադրելու համար նաեւ ըսած է, որ Վատիկան ամէն գնով զօրավիգ պիտի կանգնի արեւելքի քրիստոնեաներուն: Քահանապետին ըսելով միջին արեւելքի քրիստոնեաները հալածանքի կ'ենթարկուին, աւետարանին հանդէպ իրենց ունեցած հաւատարմութեան պատճառով: