image

«FlyOne Armenia»-ն շաբաթական թռիչքներ պիտի կատարէ Երեւան-Պէյրութ եւ հակառակ ուղղութեամբ

«FlyOne Armenia»-ն շաբաթական թռիչքներ պիտի կատարէ Երեւան-Պէյրութ եւ հակառակ ուղղութեամբ

Լիբանանի հանրային աշխատանքներու եւ փոխադրութեան նախարար՝ Ալի Համիէն եւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Վահագն Աթաբեկեան քննարկած են տարբեր ոլորտներու եւ յատկապէս քաղաքացիական օդագնացութեան ոլորտի մէջ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղուած հարցերը: Հանդիպման ընթացքին դեսպանն ու նախարարը ընդգծած են երկու բարեկամ երկիրներու մայրաքաղաքները կապող ուղիղ կանոնաւոր թռիչքներու յաւելումի կարեւորութիւնը:

«Արեւելք»  տեղեկացաւ լիբանանեան   MTV   կայանէն, որ Լիբանանի հանրային աշխատանքներու եւ փոխադրութեան նախարարութիւնը կանաչ լոյս տուած է Հայաստանի քաղաքացիական օդագնացութեան վարչութեան: 

Նշուած է, որ «FlyOne Armenia»-ն կանոնաւոր թռիչքներ պիտի իրականացնէ դէպի Լիբանան եւ հակառակ ուղղութեամբ: Երեւան-Պէյրութ եւ հակառակ ուղղութեամբ նախատեսուած է շաբաթական երեք թռիչք: Ընդգծուած է, որ այն կ'ամրապնդէ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները: