Ֆրանսա- («Ալ Հայաթ» -Լոնտոն) Ֆրանսական ֆութպոլի աստղ Միշէլ Փլաթինի ( 60 տարեակն) լրջօրէն կը սերտէ FIFA -ի նախագահութեան իր թեկնածուութիւնը ներկայացնելու խնդիրը: Փլաթինի այս մասին յայտնած է, իրեն մօտիկ անձնաւորութիւններու դիմաց: Նշենք, որ FIFA-ի Twitter-եան էջը այսօր պաշտօնական գրառումով մը յայտնած է, թէ յառաջիկայ նախագահի ընտրութիւնները պիտի կայացուին 26 Փետրուար 2016-ին: «Ալ Հայաթ» նաեւ կը նշէ, որ ընտրութիւնները մէկ տարիով յետաձգելու հարցը դրական է գործող նախագահ Ժոզէֆ Բլաթըրին համար, որ կը մեղադրուի մէկէ աւելի ֆինանսական հարցերու մէջ «մեծ սխալներ» գործելու մեղադրանքով: Թերթը կը յայտնէ, որ Փլաթինիէն բացի շատ հաւական է, որ իրենց թեկնածուութիւնը դնեն պրազիլացի աստղ ՝ Զիքո եւ արժանթինցի լէկանտար Ֆութպոլիստ Տիէկօ Մարատոնա: Ըստ թերթին, եթէ Փլաթինի իր թեկնածուութիւնը պաշտօնականացնէ կը կարծուի, որ ան ամէնէն կարեւոր հաւակնորդը պիտի հանդիսանայ: