«Եւրոպայի մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կարգաւորող կանոններ այլեւս չկան», յայտնած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-իվ Լը Տրիանը:
Լը Տրիանի խօսքերով` այսպիսի իրավիճակ ստեղծուած է, քանի որ սպառազինութիւններու վերահսկման համաձայնագրերը գրեթէ հինցած են կամ ժամանակավրէպ դարձած են: «Մինչ Ռուսաստանը կայունութիւն եւ երաշխիքներ կը պահանջէ, մենք նոյնպէս այդ կը պահանջեն: Եւրոպային անհրաժեշտ են անվտանգութեան եւ կայունութեան երաշխիքներ, մենք պատրաստ ենք քննարկելու այդ եւ ամէն ինչ», ըսած է Լը Տրիանը:
Մեկնաբանելով ռուսական զօրքերու դուրսբերման մասին տեղեկութիւնը` Լը Տրիան կոչ ըրած է տեսնելու, թէ ինչպէս պիտի աւարտին Պելառուսի մէջ, Սեւ ծովի մէջ եւ Ուքրանիոյ սահմանին մօտ «հնարքները»: