ԵՄ-ն աշխոյժ ջանքեր կը գործադրէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարաձայնութիւնները հարթելու ուղղութեամբ։ Այս մասին ըսուած է ԵՄ դիվանագիտութեան ղեկավար Ճոզեփ Պորելի յայտարարութեան մէջ։
«Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի հետ քննարկած ենք աւելի լայն տարածաշրջանային խնդիրներ եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ, մասնաւորապէս, Հայաստանի հետ։ Այս առումով, ես կ'ողջունեմ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախարարներու հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ Թիֆլիսի մէջ, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովին այս հանդիպման մասին տեղեկատուութիւն տրամադրելու համար։ ԵՄ-ն պատրաստ է աջակցելու այդ ջանքերուն եւ աշխոյժօրէն կ'աշխատի տարաձայնութիւնները հարթելու ուղղութեամբ»,-ըսուած է Պորելի յայտարարութեան մէջ:
Ան նշած է, որ Ատրպէյճանը կարեւոր գործընկեր է Եւրոպական միութեան համար, եւ համագործակցութիւնը կ'աշխոյժանայ։
Ան նաեւ խօսած է քաղաքացիական հասարակութեան համար բարենպաստ միջավայր ստեղծելու եւ մարդու իրաւունքները յարգելու կարեւորութեան մասին։