Եւրոմիութեան եւ Եօթի խումբի (G7) երկիրները սառեցուցած են ռուսաստանցի ձեռնարկիչներու 30 միլիառ եւրոյի հաշիւեր: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրէս»-ը, 30 սեպտեմբերին յայտարարած Է արդարադատութեան հարցերով եւրոկոմիսար Տիտիէ Ռէյնտըրսը՝ Մատրիտի մէջ հանդէս գալով «Նոր տնտեսական» համաժողովին:
«Այս ժամանակամիջոցին յաջողուած Է սառեցնել օլիգարխներու 14,6 միլառ եւրօ (միջոցներ) Եւրոպայի մէջ,- ճշդած Է ան:- G7-ի հետ մէկտեղ այդ 30 միլիառ եւրօ Է»: «Իսկ Ռուսիոյ Կեդրոնական դրամատան պահուստներէն բռնագրաւուած Է 300 միլիոն եւրօ»,- պնդած Է եւրոկոմիսարը: Ինչպէս ճշդած Է Ռէյնտըրս, Ապանիոյ մէջ սառեցուած Է Ռուսիոյ ձեռնարկիչներու 41 միլիոն եւրոյի հաշիւմեր: «(ԵՄ-ի) մէկ կամ երկու պետութիւններու մէջ չէ սառեցուած ոչ մէկ հաշիւ,- աւելցուցած Է ան:- Օրինակ՝ մենք տեղեկատւութիւն ստացած ենք, որ Հունգարիոյ մէջ սառեցուած են 3 հազար եւրոյի (հաշիւներ), այդ շատ տարօրինակ Է», հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը: