Եւրոպական Միութիւնը յաճախ պիտի թակէ Թուրքիոյ դուռը։ Այս մասին յայտարարած է երկրի նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն։
«Եւրոպական Միութիւնը հետզհետէ կը կորսնցնէ յոյսը ձերբազատուելու այն կուրութենէն, որ այսօր ունի։ Այն յաճախ պիտի թակէ Թուրքիոյ դուռը», – Անգարայի մէջ ըսած է Թուրքիոյ նախագահը։
Աւելի վաղ Էրտողան յայտարարած էր, որ ՆԱԹՕ–ի մէջ Շուէտի անդամակցութիւնը հնարաւոր կը դառնայ այն բանէ ետք, երբ Թուրքիան կ՚ընդունին Եւրոպական Միութեան մէջ։ Աւելի ուշ ՆԱԹՕ–ի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպըրկը յայտնած էր, որ Էրտողան համաձայնած է «հնարաւորինս արագ» թրքական խորհրդարան ուղարկել թուղթերը Շուէտի յայտը վաւերացնելու համար։
Շուէտը, որպէս Եւրոպական Միութեան անդամ, խոստացած է յայտի վաւերացման դիմաց նպաստել Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացի աշխուժացման։