Մարդկային իրաւանց պաշտպան Անահիտ Մանասեանը եւ Եւրոպայի խորհուրդի Մարդկային իրաւանց յանձնակատար Տունիա Միյաթովիչը համատեղ այց իրականացուցած են Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձանց`Աղաւնաձոր բնակավայրի մէջ տեղակայուած ժամանակաւոր կացարան։
Մարդկային իրաւանց պաշտպանի գրասենեակէն յայտնած են, որ բռնի տեղահանուած անձանց հետ տեղի ունեցած են առանձնազրոյցներ, ուսումնասիրուած են անոնց պահման պայմանները, կարիքներու գնահատման, բժշկական օգնութեան եւ սպասարկման, սնունդի, անձնական առողջապահական պարագաներու տրամադրման գործընթացները։ Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է յաշմանդամութիւն ունեցող անձանց իրաւունքներու ապահովման հետ կապուած հարցերուն։
«Բռնի տեղահանուած անձինք Պաշտպանին եւ Եւրոպայի խորհրդի մարդու իրաւունքների յանձնակատարին ներկայացրել են իրենց կրած զրկանքները եւ բռնի տեղահանման արդիւնքում առաջացած խնդիրները։ Այցի արդիւնքում Պաշտպանի արձանագրած խնդիրները կ'ամփոփուեն եւ դրանց լուծմանն ուղղուած առաջարկները համապատասխան վերլուծութեան հետ միասին կը ներկայացուեն իրաւասու մարմիններին»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։