image
Հրատապ լուրեր:

Եթէ սովի սպառնալիքը չվերացուի, գաղթի ցունամի պիտի ըլլայ. Զելենսքի

Եթէ սովի սպառնալիքը չվերացուի, գաղթի ցունամի պիտի ըլլայ. Զելենսքի

Ուքրանիա ներխուժելով` Ռուսիան ստեղծած է լայնածաւալ սովի վտանգ` արգելափակելով Սեւ ծովը, եւ այժմ ան պատանդ կը պահէ միլիոնաւոր մարդիկ:

 

Եթէ Ուքրանիան չյաջողի ապաշրջափակել նաւահանգիստները հացահատիկի արտահանման համար, ապա Եւրոպան կրնայ ծածկուիլ գաղթի ցունամիով: Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին Վիեննայի մէջ թուային արհեստագիտութիւններու եւ լրատուամիջոցներու 4Gamechangers փառատօնին ունեցած ելոյթի ժամանակ:

«Եթէ սովի սպառնալիքը չվերացուի, եթէ Սեւ ծովը անմիջապէս չարգելափակուի, ապա պարէնային ճգնաժամի հետեւանքը պիտի ըլլայ այնպիսի գաղթի ցունամին, որ պիտի հասնի ձեզի, թէեւ Աւստրիան շատ հեռու է ծովէն», ըսած է ան:

Զելենսքի նշած է, որ Ուքրանիա ներխուժելով` Ռուսիան ստեղծած է լայնածաւալ սովի վտանգ` արգելափակելով Սեւ ծովը, եւ այժմ ան պատանդ կը պահէ միլիոնաւոր մարդիկ, այդ շարքին` Ափրիկէի, Ասիոյ եւ Եւրոպայի մէջ: