Միացեալ Նահանգները պիտի ճանչնայ Իսրայէլի ազատ գործելու իրաւունքը, եթէ Իրանը փորձէ միջուկային զէնք ձեռք բերել։ Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի՝ ազգային անվտանգութեան գծով օգնական Ճէյք Սալիվանը՝ ելոյթ ունենալով Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութեան Ուաշինկթընի հիմնարկէն ներս։
«Մենք Իրանին հասկցուցած ենք, որ անոր ոչ մէկ պարագային թոյլ կը տրուի միջուկային զէնք ձեռք բերել: Ինչպէս բազմիցս հաստատած է նախագահ Ճօ Պայտըն, ան պիտի ձեռնարկէ անհրաժեշտ քայլեր այս յայտարարութիւնը պաշտպանելու համար, այդ շարքին՝ ճանչնալով Իսրայէլի գործողութիւններու ազատութիւնը», -ըսած է Սալիվան:
Միեւնոյն ժամանակ, ըստ Սալիվանի, Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ «դիւանագիտական համագործակցութիւնը» Իրանի հետ միջուկային ծրագրի հարցով։ Սպիտակ տան ներկայացուցիչը պարզաբանած է, որ Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրէն դուրս գալը «ոչինչ ստանալով՝ փոխարէն» «ողբերգական սխալ» է։