image

Եթէ Իրանի պարագային ռազմակшն գործողութիւններ պահանջուին, մենք պիտի ձեռնարկենք ատոնք` Իսրայէլի առաջնորդութեամբ. Թրամփ

Եթէ Իրանի պարագային ռազմակшն գործողութիւններ պահանջուին, մենք պիտի ձեռնարկենք ատոնք` Իսրայէլի առաջնորդութեամբ. Թրամփ

ԱՄՆ-ն պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային ռազմական ուժ կիրառել Իրանի դէմ. այս մասին, Associated Press-ի հաղորդմամբ, Սպիտակ տունը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը։ 

«Եթէ այդ անհրաժեշտ ըլլայ, միանշանակ, այո»,-ըսած է ան՝ ի պատասխան հարցի։

Թրամփ նշած է, որ Օմանի մէջ Իրանի հետ առաջիկայ խորհրդակցութիւնները երկար գործընթացի միայն սկիզբը պիտի ըլլան։

«Մենք քիչ ժամանակ ունինք, մենք քիչ ժամանակ ունինք, քանի որ թոյլ չենք տար անոնց միջուկային զէնք ստանալ: Ես շատ բան չեմ խնդրեր, անոնք միջուկային զէնք չեն կրնար ունենալ», -ըսած է ԱՄՆ նախագահը։ 

«Բայց Իրանի հետ, այո, եթէ ռազմական գործողութիւններ պահանջուին, մենք կը ձեռնարկենք ատոնք: Ակնյայտ է, որ Իսրայէլը մեծապէս ներգրաւուած պիտի ըլլայ ատոր մէջ: Անոնք պիտի ըլլան առաջնորդն այս հարցով: Բայց մեզ ոչ ոք կը ղեկավարէ։ Մենք կ՚ընենք այն, ինչ կ՚ուզենք»,- ամփոփած է ԱՄՆ նախագահը։