image
Հրատապ լուրեր:

«Եթէ Երեւանը չլուծէ փոխադրային շրջափակման հարցը…» ՌԴ փոխվարչապետը այլընտրանքային ճանապարհի մասին ակնարկած է

«Եթէ Երեւանը չլուծէ փոխադրային շրջափակման հարցը…» ՌԴ փոխվարչապետը այլընտրանքային ճանապարհի մասին ակնարկած է

«Հիւսիս-Հարաւ» միջազգային փոխադրային միջանցքի արեւմտեան երթուղին Հայաստանի փոխարէն կրնայ անցնիլ Ատրպէյճանով եւ Իրանով, եթէ Երեւանը չլուծէ փոխադրային շրջափակման հարցը։ Այս մասին «Պատրաստուած է Ռուսիոյ մէջ 2022» արտահանման ֆորումի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը, որ կը վերահսկէ միջազգային համագործակցութիւնը։

Պաշտօնեան ընդգծած է, որ Հայաստանի կամ Իրանի տարածքով Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ փոխադրային կապի ստեղծումը կարեւոր է «Հիւսիս-Հարաւ» եւ «Արեւելք-Արեւմուտք» հիմնական միջազգային փոխադրային միջանցքներու «խաչմերուկ» ստեղծելու համար։

Փոխադրային այս նախագիծերու իրականացումը, ըստ Օվերչուքի, թոյլ կու տայ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի տնտեսութիւններուն «լրացուցիչ վարձավճար» ստանալ՝ նկատի ունենալով Եւրասիայի մէջ իրենց ունեցած աշխարհագրական դիրքի առաւելութիւնները։