image

Էսթոնիան պատրաստ է Հայաստանին աջակցելու ԵՄ-ին անդամակցելու նախապատրաստութեան հարցով

Էսթոնիան պատրաստ է Հայաստանին աջակցելու ԵՄ-ին անդամակցելու նախապատրաստութեան հարցով

Էսթոնիան պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին, եթէ սկսին Եւրոպական Միութեան անդամակցելու նախապատրաստական աշխատանքները։ Այս մասին յայտարարած է Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Մարկուս Ցահքնան ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ ճեպազրոյցին։

Ըստ անոր` տարածաշրջանին մէջ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հիմնական ուղերձը կապուած է Վրաստանի հետ։ Ան յոյս յայտնած է, որ Եւրոմիութիւնը կը կարողանայ ընդունիլ այս որոշումը։

«Այդ հեշտ չէ, բայց Էսթոնիան պատրաստ է աջակցելու այդ ընդլայնման գործընթացներուն»,- նշած է Ցահքնան։

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, ապա Հայաստանի ղեկավարութեան հետ անոր քննարկման թեմաներէն մէկը պիտի ըլլայ Եւրոպական Միութեան հետ վիզաներու ռեժիմի ազատականացումը։ Ան յոյս յայտնած է, որ յաջորդ տարի այս հարցի վերաբերեալ կողմերը կը յաջողվին անցնիլ յաջորդ փուլ։

«Թեմաներէն մէկն է նաեւ պատրաստ ըլլալ Եւրոպական Միութեան միանալու քայլերու վրայ աշխատիլ: Քանի մը տասնամեակ շարունակ աշխատած ենք ասոր վրայ, եւ պիտի աջակցինք վերապատրաստելով ձեր աշխատակազմը, պիտի սատարենք այս գործընթացներուն աւելի գործնական դաշտին մէջ»,- նշած է Ցահքնան։

Նշենք, որ Հայաստան այցի ընթացքին Ցահքնան պիտի մասնակցի Էսթոնիոյ փախստականներու խորհուրդի կողմէ Երեւանի մէջ գրասենեակի բացման արարողութեան։