image

«Ես Վերադարձել Եմ» Ժապաւէնը ցուցադրուած է Լիբանանի Մէջ

«Ես Վերադարձել Եմ» Ժապաւէնը ցուցադրուած է Լիբանանի Մէջ

17 նոյեմբերին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ «Ես Վերադաձել եմ» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, որ նուիրուած է արեւմտահայ մտաւորական Եղիազար Մուրատեանի ծննդեան 175-ամեակին եւ ժապաւէնի հեղինակ` հայրենի գրականագէտ դոկտ. Արթուր Անդրանիկեանի կողմէ պատրաստուած, մեծանուն մտաւորականին նուիրուած եռահատորին: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։

Ձեռնարկին սկիզբը դոկտ. Անդրանիկեան ներկայացուց արեւմտահայ մտաւորական Եղիազար Մուրատեանի նուիրուած եռահատորը, որուն ընդմէջէն հեղինակը հանրութեան կը ներկայացնէ ժամանակի ընթացքին մոռացութեան ենթարկուած հանճարեղ մտաւորականին իւրայատկութիւնները, քննական միտքը, իմաստասիրական ու փիլիսոփայական կարողութիւնները եւ մանկավարժական բացառիկ հմտութիւնները: 

Եռահատորին ներկայացումէն ետք ցուցադրուեցաւ «Ես վերադաձել եմ» ժապաւէնը, որ պատրաստուած է դոկտ. Անդրանիկեանի կողմէ: Ժապաւէնը կ՛ընդգրկէ արեւմտահայ մտաւորականութեան հանճարներէն Եղիազար Մուրատեանի բանաստեղծութիւններէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ վկայութիւններ հայրենի հայագէտներէ եւ գրականագէտներէ: