image

Թամարա Ստեփանեանի ժապաւէնը ստացած է «Եւրիմաժ» (Eurimages) հիմնադրամի աջակցութիւնը (Լուսանկար)

Թամարա Ստեփանեանի ժապաւէնը ստացած է «Եւրիմաժ» (Eurimages) հիմնադրամի աջակցութիւնը (Լուսանկար)

Բեմադիր Թամարա Ստեփանեանի Save the Dead (առժամեայ խորագիրը՝ «Արամի երկրին մէջ») ֆրանքեւհայկական ֆիլմը ստացած է «Եւրիմաժ»-ի (Eurimages) նպաստի իրաւունք։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզ հրապարակուող «Նոր Յառաջ»էն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

Թամարա Ստեփանեանի Save the Dead (առժամեայ խորագիրը՝ «Արամի երկրին մէջ») ֆրանքեւհայկական ֆիլմը ստացած է «Եւրիմաժ»-ի (Eurimages) նպաստի իրաւունք։

Հայաստանի ազգային շարժարուեստի կեդրոնը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ բեմադիր Թամարա Ստեփանեանը եւ իր ստեղծագործական ամբողջ կազմը՝ սոյն կարեւոր Հիմնադրամին աջակցութիւնը ստանալուն համար։

Արդարեւ, «Եւրիմաժ» հրապարակած է 2024-ի իր գնահատման արդիւնքները։ Այսպէս, հիմք ընդունելով անկախ փորձագէտներու առաջարկները՝ «Եւրիմաժ»-ի գործադիր յանձնախումբը որոշում կայացուցած է աջակցելու 31 ֆիլմերու միատեղ արտադրութեան, ներառեալ՝ 6 վաւերագրական եւ 3 կենդանապատկեր գործերու: Աջակցութիւն ստացած 31 միատեղ արտադրութեան նախագիծերէն 13-ը կին բեմադիրներու ֆիլմեր են, որ կը կազմէ տրամադրուած 8 միլիոն 760.000 եւրօ ընդհանուր գանձատրման 49,54%-ը։

Նշենք, թէ Թամարա Ստեփանեանի ֆիլմին նախագիծը ստացած է նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան ու Հայաստանի ազգային շարժարուեստի պետական նիւթական աջակցութիւնը: