image

Երուսաղէմի մէջ. Հերթական անգամ քրիստոնեայ միաբանը յարձակման ենթարկուած (Մանրամասնութիւններ)

Երուսաղէմի մէջ. Հերթական անգամ քրիստոնեայ միաբանը յարձակման ենթարկուած (Մանրամասնութիւններ)

Երուսաղէմի մէջ հրեայ ծայրայեղականներու կողմէ կատարուած «յարձակում»ը բողոքի ալիք բարձրացուցած է։

Այս մասին օրին գրած էինք «Արեւելք»ի թելեկրամի ալիքով։

Մանրամասնութեանց մէջ նշուած էր, որ երկու իսրայէլացիներ թքած ու անպատուող խօսքեր ուղղած էին Պենետիկտեան ուխտի վանահօր մը ուղղութեամբ, որուն իբրեւ հետեւանք բարձրացած էր աղմուկ եւ բողոքի ալիք։

Այս մասին աւելի մանրամասն գրած է «Ռատիօ Վատիկան»ի (հայկական ծառայութեան) աշխատակից Մարիամ Երեմեան։

Ստորեւ կը ներկայացնենք եղած հրապարակումը։

Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարքարանը 4 Փետրուար 2024ին յայտարարութիւն տարածած է, որուն մէջ դատապարտած է Պենետիկտեան վանահայր Նիկոտէմուս Շնապելի դէմ «անարդարացի եւ ամօթալի յարձակումը», որ տեղի ունեցած է 3 Փետրուարին՝ Երուսաղեմի մէջ, երբ երկու երիտասարդ ուղղափառ հրէաներ՝ որոնցմէ մին անչափահաս, սկսած են բղաւել եւ թքել հոգեւորականին վրայ։

Պատրիարքարանի գրութեան մէջ ընդգծուած է, որ «ատելութեան դրսեւորումներու շարունակականութիւնը կը մեծցնէ քրիստոնեայ կրօնականներու անապահովութեան զգացումը Սուրբ Երկիրին մէջ եւ՝ մասնաւորապէս, Երուսաղեմի մէջ:

Համաձայն Իսրայէլի ոստիկանութեան՝ յարձակումը գործած երկու անձերը տնային կալանքի տակ առնուած են։ Տեղական լրատուական աղբիւրները յայտնած են նաեւ, որ Իսրայէլի ներքին գործերու նախարարը հեռաձայնային կապ պահած է Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարք` Կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցցապալլային հետ եւ իր հակառակութիւնն արտայայտած վերոնշեալ երկու անձերու վարքագիծին առնչութեամբ։ Երկիրի Արտաքին գործերու նախարարը նոյնպէս «X» համացանցի միջոցաւ դատապարտած է միջադէպը, որ, ցաւօք, առաջինը չէ քրիստոնեաներու դէմ։

Նշենք թէ, անցեալ դեկտեմբերին՝ ելեկտրահարող սարքերով, մետաղէ ձողերով եւ քարերով զինուած անձինք՝ հայհոյանքներով յարձակած էին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի միաբանութեան եւ պաշտօնէութեան վրայ։ Այդ յարձակումը Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի հետ միասին՝ առանձին յայտարարութիւններով դատապարտած էին Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսները։