image

Էրտողանի կոչը «Անտեսել Աթէնքի գործողութիւնները»

Էրտողանի կոչը  «Անտեսել Աթէնքի գործողութիւնները»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան Արեւմուտքին կոչ ըրած է չաջակցելու Աթենքի անօրինական նախաձեռնութիւններուն, որոնք անոր խօսքով, կ'առաջադրուին «եւրոպական միասնութեան եւ համերաշխութեան պատրուակով»։

Անդրադառնալով Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան՝ Էրտողանը քննադատած է Պրիւքսէլի դիրքորոշումն այս հարցով։

Թուրքիոյ նախագահը ԵՄ-ին կոչ ըրած է Յունաստանին երկխօսութեան հրաւիրելու Անգարայի հետ՝ երկկողմ հիմքով, այլ ոչ թէ սատարել «Աթենքի անօրինական նախաձեռնութիւններուն՝ եւրոպական միասնութեան եւ համերաշխութեան պատրուակով», տեղեկացուցած է Anadolu գործակալութիւնը։

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ աւելցուցած է, որ «վերջին իրադարձութիւններն աշխարհի մէջ ցոյց կու տան Թուրքիոյ անփոխարինելիութիւնը Եւրոպայի եւ եւրոպական տարածաշրջանի համար»։ Պետութեան ղեկավարը նշած է, որ Եւրոպական քաղաքական ընկերակցութեան Փրակի գագաթաժողովի մասնակիցները բարձր գնահատած են Անգարայի միջնորդական դերը Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման գործին։