Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան յայտնած Է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռախօսային բանակցութիւններ կատարելու ցանկութեան մասին, որպէսզի պարզէ անոր վերաբերմունքը հանրապետութեան մէջ Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներու միջեւ եռակողմ հանդիպում կայացնելու գաղափարին:
«Պարոն Զելենսքին մեր հանդիպման ժամանակ դրական վերաբերմունք յայտնած է Փութին-Զելենսքի-Էրտողան եռակողմ հանդիպման նկատմամբ: Եթէ պարոն Փութինը նոյնպէս դրական վերաբերի այդ գաղափարին, մենք կրնանք հանդիպիլ Սթամպուլի կամ Անգարայի մէջ : Իսկ հիմա հեռախօսային դիւանագիտութեան օգնութեամբ ես կ'ուզեմ պարոն Փութինէն իմանալ, թէ ինչպէս ան կը նայի հարցին», ըսած է Էրտողան: