Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Էրտողան Իսթանպուլի մէջ ընդունած է պաղեստինեան «Համաս» շարժման քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէն:
Թրքական լրատուամիջոցներու տուեալով՝ հանդիպման քննարկուած են Կազայի հատուածի մէջ հրադադարի, Իսրայէլի հետ պատանդներու փոխանակման եւ պաղեստինեան տարածքի մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու հարցերը: