image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան գոհ է Հայաստանի՝ Պաղեստինը ճանչնալու որոշումէն

Էրտողան գոհ է Հայաստանի՝ Պաղեստինը ճանչնալու որոշումէն

Թուրքիոյ նախագահ Ռէճեպ Թայիպ Էրդողան իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան հետ հանդիպման ընթացքին ունեցած ելոյթին անդրադարձած է Հայաստանի՝ Պաղեստինի պետութեան ճանաչման որոշումին։ 

Էրտողան մասնաւորապէս ըսած է․ «Մենք կը ցանկանք, որ Նորվեկիայի, Իրլանտայի եւ Սլովենիայի ցուցաբերած խիղճով դիրքորոշումը օրինակ ծառայէ ամբողջ Եւրոպայի համար։ Մենք գոհ ենք յարգարժան վարչապետ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ Հայաստանի՝ Պաղեստինի Պետութիւնը ճանչնալու որոշումին կապակցութեամբ»։

Յիշեցնենք, որ նախորդ շաբաթ ՀՀ ԱԳՆ-ն յայտնած էր, որ Երեւանը կը ճանչնայ Պաղեստինի անկախութիւնը: