image

Էրտողան եւ Թոքաեւ քննարկում

Էրտողան եւ Թոքաեւ քննարկում

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւի հետ։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Անատոլու» գործակալութիւնը, այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հաղորդակցութեան վարչութիւնը։

Զրոյցի ընթացքին Էրտողան եւ Թոքաեւ քննարկած են Թուրքիոյ եւ Ղազախստանի երկկողմ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն առնչուող հարցեր։

Թուրքիոյ նախագահը շնորհաւորած է Թոքաեւը Օգոստոս 23-ին Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած Քուրուլթայի ընտրութիւններուն առիթով։ Էրտողանի գնահատմամբ՝ ընտրողներու բարձր մասնակցութիւնը կը վկայէ երկրին մէջ իրականացուող բարեփոխումներու նկատմամբ բնակչութեան աջակցութեան մասին։

Էրտողան ընդգծած է, որ Անգարան պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել Ղազախստանի հետ երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ուղղութեամբ։