image

Էրտողան եւ Ասատ կրնան հանդիպիլ երրորդ երկրի մէջ․ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց

Էրտողան եւ Ասատ կրնան հանդիպիլ երրորդ երկրի մէջ․ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց

Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողան եւ Սուրիոյ առաջնորդ Պաշար Ասատ կրնան բանակցիլ երրորդ երկրի մէջ, Անգարան կ՚ուզէ, որ Դամասկոսը երկխօսութիւն վարէ սուրիական ընդդիմութեան հետ։ Այս յայտարարութիւնն ըրած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը:

Աւելի վաղ «Türkiye» թերթը յայտնած էր, որ Ասատի եւ Էրտողանի՝ աւելի քան 10 տարուան ընթացքին առաջին հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ օգոստոսին սահմանային անցակէտի մօտ: Պարբերականը նշած էր, որ Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավար Սերկէյ Նարիշքինն անցեալ շաբաթ Անգարայի մէջ թուրք գործընկեր Իպրահիմ Քալընի հետ քննարկած է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ առաջնորդներու հանդիպման օրն ու վայրը:

«Եթէ հանդիպումը կայանայ, ապա այն տեղի պիտի ունենայ երրորդ երկրի մէջ, բայց առայժմ յստակութիւն չկայ», - «Sabah» թերթի հետ զրոյցին ըսած է Ֆիտան: Անոր խօսքով՝ ռուսական կողմը կ՚ընդգծէ հանդիպմանն իրանեան ներկայացուցիչներու ներկայութեան կարեւորութիւնը, իսկ Անգարայի համար առաջնահերթութիւնն ինքնին հանդիպման փաստն է։

Ֆիտան նշած է, որ հանդիպման վայրի եւ ամսաթիւի վերաբերեալ երկխօսութիւնը կը շարունակուի սուրիացի պաշտօնեաներու հետ, սակայն յստակ ժամկէտ դեռ չկայ: Ըստ նախարարի`սուրիական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է հանդիպելու առանց որեւէ նախապայմանի։

«Սուրիական ընդդիմութեան հետ հաշտութիւնը Սուրիոյ իշխանութիւններու խնդիրն է․ ես կրնամ յորդորել այդ, բայց պարտադրել՝ չեմ կրնար։ Հնարաւոր չէ այնպիսի տարբերակ, որ Դամասկոսի հետ պայմանաւորուինք ՝ անտեսելով ընդդիմութիւնը ։ Մենք կ՚ուզենք, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները երկխօսութիւն վարեն ընդդիմութեան հետ՝ խնդիրներու լուծումը քննարկելու նպատակով»,- նշած է Ֆիտան։

Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը, պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք Մոսկուան կը պատրաստուի Էրտողանի եւ Ասատի հանդիպման, յայտարարած է, որ Ռուսիան, ինչպէս եւ միւս երկիրները, շահագրգռուած է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ: Ասատ յուլիս 15-ին յայտարարած է, որ իր թուրք գործընկերոջ հետ պատրաստ է հանդիպման, եթէ այդ համապատասխանէ Սուրիոյ ազգային շահերուն: