Գաղտնիք բացայայտել պիտի չնշանակէ արձանագրել, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ունեցած է իր անխախտ դերը մեր պատմութեան ընդհանուր հոլովոյթի տարբեր փուլերուն։ Զանազան գնահատականներ հնչած են այդ դերակատարութեան մասին, բայց պարզ իրականութիւն է, որ եկեղեցին հայ ժողովուրդի հոգեւոր պատմուճանն է, անոր խղճին ու հոգիին մշտական ամրոցը նոյնիսկ եւ յատկապէս՝ այն ժամանակներուն, երբ օրհասները հարուածած են հայութիւնը թէ՛ իբրեւ հաւաքականութիւն եւ թէ որպէս հայրենակորուստ հասարակութիւն։ Նոյնը եղած է սփիւռքի պարագային եւ այսօր ալ կը շարունակուի շատ աւելի կազմակերպուած հունով, նպատակով եւ տեսլականով։
Գնահատականներէն անդին՝ հարկ է նաեւ հաշուի առնել, որ Հայաստանի այսօրուան իրականութեան մէջ եկեղեցին՝ թէեւ որոշ արժէք եւ ներկայութիւն ունի, սակայն լուսանցքային դիրքի մը վրայ է՝ հաշուի առնելով երկրի հասարակութեան մեծ տոկոսը։
Հայաստանի մէջ, 2018 թուականի իշխանափոխութենէն ասդին այժմու իշխանութիւններուն կողմէ եկեղեցիին նկատմամբ որդեգրուած կեցուածքը անցած է տատանումներէ։ Այս հանգամանքի մեծագոյն վկայութիւնը «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժումի դէպքերուն ժամանակ իշխանութեան որդեգրած «չէզոք» դիրքն էր, ինչ որ ձեւով մը աննախընթաց իրավիճակ մը կը ստեղծէր։ Աննախընթաց էր այն առումով, որ անկախութեան ժամանակաշրջանի տասնամեակներուն եկեղեցին բոլոր իշխանութիւններուն գործակիցը եղած է՝ ներառեալ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ղեկավարութեան տարիները։
Ստեղծուած նոր իրադրութիւնը, որուն հետեւանքները կրնան դեռ երկար շարունակուիլ, դանդաղօրէն վիհը աճեցուցին մէկ կողմէ արեւմտեան մոտելի հետամուտ իշխանութիւններուն, իսկ միւս կողմէ հետզհետէ աւելիով Ամենայն Հայոց Հայրապետին շուրջ շարքերը խտացուցած միաբանութեան միջեւ։ Հետեւաբար հարցը կը վերաբերի նաեւ որպէս հաստատութիւն՝ եկեղեցւոյ, որու դերակատարութիւնը կարեւոր է նաեւ ամբողջ սփիւռքի մէջ։
Իշխանութիւնները նկատեցին, որ անհնար է եկեղեցին ներսէն փոխել կամ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այլ անունով մը փոխարինել։ Ուստի անոնք անցան նոր փուլի մը, որուն հիմնական գաղտնաբառն էր անտեսելը։ Այդ վարքագծին ի հետեւանք եկեղեցին սկսաւ հեռու պահուիլ պետական-արարողակարգային կարեւոր իրադարձութիւններէ։ Պետական աւագանիի գլխաւոր դէմքերը սկսան բացակայիլ տաղաւարներու արարողութիւններէն։
Աւելի ետք ու մանաւանդ ներկայ տարեմուտին թաքնախորհուրդ այս պայքարը աւելիով հրապարակային դարձաւ, երբ պետական հեռուստակայանը զանազան պատճառաբանութիւններով փոխեց աւանդութիւնն ու ընկալուած ձեւը եւ այդպէսով ալ եթերէ զրկեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, չհեռարձակուեցաւ անոր Նոր տարուան պատգամը։ Շատեր կը կարծէին, թէ առկայ տարակարծութիւնները պիտի շարունակեն մնալ նոյն հունին մէջ եւ կողմերէն իւրաքանչիւրը պիտի կատարէր իրեն վստահուած դերն ու գործը՝ առանց գրոհներու կամ առանց հակադարձութիւններու։
Եւ, սակայն, ինչ-ինչ պայմաններու բերումով հրապարակ եկաւ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան, որ կարողացաւ կարճ շրջանի մը մէջ իր շուրջ համախմբել համախոհներու մեծ բանակ մը՝ յառաջ մղելով իշխանափոխութեան օրակարգը։ Այստեղ եւս սլաքները ուղղուեցան եկեղեցիին ու շատ-շատեր ենթադրեցին, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս շարժումէն իր ձեռքերը պիտի լուայ ու լեղի բաժակը պիտի հեռացնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դարպասներէն։ Այդպէս չեղաւ, սակայն ու մինչեւ հիմա ալ շատերուն համար անհասկնալի է Բագրատ Սրբազանի «հոգեւոր ծառայութեան սառեցման» փոխարէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ պաշտօնապէս որդեգրուած՝ նոյնինքն սրբազանի յառաջ քշած թեզը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կերպով մըն ալ իր օրհնութիւնը շնորհած է «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» շարժումին։
Խաղը, որ ընթացքի մէջ է, արդէն շատ յստակ գիծերով ի յայտ բերած է երկու կողմերու վճռականութիւնը՝ այս պայքարը մինչեւ վերջ տանելու ուղղութեամբ։ Այստեղ մինչեւ վերջի պարագային խօսքը կը վերաբերի իշխանափոխութեան օրակարգի յառաջ մղման։ Այսինքն, հասնիլ իշխանափոխութեան, որուն դիմաց ալ իշխանութիւնները ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէին՝ տապալելու համար շարժումը կամ սպասելու, թէ ան կամաց-կամաց մարի։
Այս պատային իրավիճակին մէջ պատահեցաւ Սարդարապատի դէպքը, որ մարտավարական մեծ սխալ մը ըլլալէ անդին՝ ընդդիմութեան տեսակէտէ պէտք է դառնար «փիք ժամկէտ» մը, որպէսզի փողոցին մէջ առկայ աղմուկը ուռճանար ու յաջորդէին շատ աւելի մեծ քայլեր։ Յամենայնդէպս, այդ ալ տեղի չունեցաւ։ Իշխանափոխութեան հարցը յառաջ մղելու առընթեր Բագրատ Սրբազան անցաւ երկրորդ գործի մը, որն էր՝ պաշտպանել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գահակալն ու ջուրի երես հանել ամբողջ իրականութիւնը։
Հայ մարդուն համար բոլոր առումներով անընդունելի է Ամենայն Հայոց Հայրապետին դէմ ոտնձգութիւնը։ Եկուր տես, որ այդ զգացական վճիռին փոխարէն՝ իշխանութիւնը վարուեցաւ շատ պաղարիւն, անշուշտ, հիմնուելով այն վարկածին վրայ, թէ հասարակութիւնը արդէն չի սիրեր Կաթողիկոսը։ Հետեւաբար, պատահածը պիտի ընկալուէր որպէս լաւ քայլ մը ու շատերուն տեսակէտէ ալ պիտի ստեղծուէր՝ սիրտ պաղեցնող վիճակ մը։ Տխուր է, անշուշտ, այս բոլորը ջուրի երես հանելը, բայց եւ այնպէս, պէտք է ըլլալ անկեղծ ու մանաւանդ՝ անաչառ։
Ապագայ հաւանական դէպքերը, անշուշտ, այս մեծ պայքարին ածանցուած պիտի ըլլան։ Պայքարը պիտի շարունակուի երկու կողմերուն միջեւ՝ իր բոլոր շերտերով, շեշտադրումներով, քաղաքական կամ ազգային նրբութիւններով։ Այս բոլորին արդիւնքը մեծ զերօ մըն է։ Առկայ տագնապին պատասխանատուութիւնը կը վիճակի երկու կողմերուն։ Առանց մանրամասնութիւններու, առանց խօսելու այս շարժումի հաւանական ճակատագրին մասին ու առանց պահ մը իսկ մտածելու, թէ պետութիւնը, այո՛, կրնայ ապրիլ առանց եկեղեցիի՝ հայութիւնը շատ բան կը կորսնցնէ ազգովին։
Խրատախօսութիւնները շատերուն համար՝ մանաւանդ այս փուլին, ապիկարութեան համազօր են, ողջամտութիւնը եւ մանաւանդ՝ ազդեցութիւններու տեղ չտալը, նոյնպէս, բարի վարուց վկայականի նման անիմաստ ու հին մօտեցումներ կը համարուին։ Յամենայնդէպս, այս փուլին, այս ժամանակներուն ու տարածաշրջանային համայնապատկերին վրայ ստեղծուած դրութեան ի տես, եթէ նոյնիսկ կողմերէն մին յաղթէ կամ յաղթել ձեւացնէ, պարտութիւնը ընդհանրական պիտի դառնայ։
Այնքան ժամանակ, որ երկխօսութեան վարկած մը կամ յոյս մը չ՚երեւիր, այդ պարտութիւնը շատ աւելի մեծ ու ահռելի կրնայ ըլլալ՝ քան Արցախի վերջին պատերազմի ամբողջ ընթացքն ու մեծ ողբերգութիւնը, որու ծալքերուն մէջ է, անշուշտ, այս պայքարը կամ նմանները, որոնք պատճառ կը դառնան ազգովի թուլացման։
Ի վերջոյ, պէտք չէ մոռնալ, որ իրենց պայքարի ուղղութիւնները դէպի ներս չեն ուղղեր միայն այն ժողովուրդները, որոնք յաղթած են կամ ճակատամարտ մը յաջողութեամբ պսակած։ Պատահածները ոչ թէ ամբողջ պատերազմի մը, այլեւ ճակատի մը վկայ անկում-պարտութիւն պէտք է նկատենք։
Այլ խօսքով, եթէ ըլլայ գիտակցութիւն, թէ այս փուլէն վերջ հայերը պարտաւոր են ազգովին համախմբուելու, ապա միայն այդ պարագային ապագայի նկատմամբ տեսլականը կրնայ մեծնալ ու նոր ճանապարհներ կրնան բացուիլ։ Այլապէս, պարտութիւնը պիտի շարունակէ դարպասել հայութիւնը, հայու ոգին ու հայու իրական տեսլականը։ Սա ի զօրու է թէ՛ այսօրուան Հայաստանին հաւատացողներուն եւ թէ այլ երազներ փայփայողներուն տեսակէտէ։ Երկուքի պարագային ալ անհնար է ուժ դառնալ՝ առանց միւսին։
Այս իրավիճակէն դուրս գալու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է։ Իշխանութիւն-եկեղեցի առկայ լարուածութիւնը փարատելու միակ միջոցն է երկխօսութիւնը։ Բոլոր առումներով երկու կողմերն ալ հիմնական առանցքներ են Հայաստանի ներքին իրավիճակը կայունացնելու համար։ Անշուշտ, հաւասարութեան նշան պէտք չէ դնել իշխանութեան կշռին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին միջեւ, բայց եւ այնպէս, անոնց համագործակցութիւնը հրամայական է։
Տակաւին չենք ակնարկեր այն հաւանական քաղաքական գործընթացներուն, որոնք կրնան շատ արագ փոփոխութիւններու հուն մը բանալ (թերեւս այդ փուլը երեւելի չէ՝ պայմանաւորուած արտաքին կանաչ լոյսի մը բացակայութեամբ), բայց եւ այնպէս, եկեղեցի-իշխանութիւն յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ սահմաններ գծելու միտումը օգտակար են բոլորին համար։
Սարդարապատի մէջ պատահած եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը թիրախաւորած միջակէտը թերեւս դառնայ դարձակէտ մը, որպէսզի այդ ուշացած երկխօսութիւնը իսկապէս հունաւորուի եւ այդ հունաւորումին մէջ պարտուածներ կամ յաղթածներ չըլլան։
Ներկայ փուլին հայերը բոլորով պարտուած են, նոյնիսկ եթէ մարդիկ թաքնախորհուրդ մտածեն ու խօսին յաղթանակի լեզուով։ Եթէ իրադրութինը այսպէս շարունակուի, սա պիտի խորանայ։ Կան պարտութիւններ, որոնք նոր յաղթանակներու իրական կամ վերջնական փուլ մը կրնան բանալ։
Հայերը ազգովին կա՛մ կ՚ընտրեն այս ճանապարհը եւ կամ ալ...
Մեծ լոզունգներու խօսոյթին ժամանակը վաղուց անցած է ու ամենակարեւորն է, որ մարդիկ զիրար չխաբեն։ Առանց միասնական ճիգի, առանց Սահմանադրութեամբ նախատեսուած ճանապարհներու՝ բոլոր տեսակի խմորումները անհեռանկար են։ Ինչ ալ ըլլան պահու խօսոյթները, բողոքները, պայքարի շղարշով որոնումները եւ կամ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին աւելի լաւ օր մը տալու խոստումները…
Դառն է, բայց իրականութիւն, որ առանձինն կարելի չէ անցնիլ գետի միւս կողմը...
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս