Նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին այսօր Հռոմի Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ հանդիպած է Հռոմի պապ Լեւոն XIV-ի հետ, հաղորդած է Sky News-ը։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Զելենսքին այսօր պաշտօնական այցով ժամանած է Հռոմ։ Ան շարք մը հանդիպումներ ունի նախատեսուած։ Այցի ընթացքին ան պէտք է հանդիպի Ճորճիա Մելոնիի հետ։
«Շարունակեցէք երկխօսութիւնը յանուն արդար խաղաղութեան», -յայտարարած է Լեւոն XIV-ը Զելենսքիի հետ հանդիպման ժամանակ: