Երեւանն ու Պաքուն համաձայնութեան չեն եկած Պրիւքսէլի մէջ կայացած բանակցութիւններէն յետոյ կատարուած յայտարարութեան ձեւակերպումներուն շուրջ: Այս մասին, մեկնաբանելով Եւրոխորհրդի ղեկավար Շարլ Միշէլի հնչեցուցած «Ղարաբաղի էթնիկ հայ բնակչութիւն» արտայայտութիւնը, յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Վարչապետին խօսքով` տեղի ունեցած քննարկումներուն աջակցած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի առնուազն երկու համանախագահող երկիր: Ընդ որում, Ռուսիոյ նախագահին հետ իր համատեղ յայտարարութեան մէջ կը նշուի ղարաբաղեան կարգաւորման կարեւորութիւնը եւ այդ առումով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ներուժի օգտագործումը:
«Բնականաբար, Պրիւքսէլում ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով շատ լուրջ քննարկում է տեղի ունեցել: Եւ այդ քննարկումների արդիւնքում արձանագրուել են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դիրքորոշումների տարբերութիւնները», պարզաբանեց Փաշինեանը: Այդ տարբերութիւններուն մասին, ինչպէս նշեց Փաշինեանը, ըսուած է հրապարակային: Մասնաւորապէս, Պաքուն կը կարծէ, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լուծուած է, իսկ Հայաստանը վստահ է, որ դա այդպէս չէ: Խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հնարաւոր բանակցութիւններու ծիրին մէջ Պաքուն ներկայացուցած է իր 5 առաջարկները, իսկ Երեւանը` իր դիտարկումներն ու օրակարգը: «Այդ հիմքի վրայ էլ պէտք է վարուեն հետագայ բանակցութիւնները: Մեր առաջարկած սկզբունքներում արձանագրուած են Լեռնային Ղարաբաղի հայերի անվտանգութիւնն ու իրաւունքները, ինչպէս նաէի` վերջնական կարգավիճակի յստակեցումը», ընդգծեց վարչապետը:
Քանի որ, անոր խօսքով, կողմերը քննարկումներուն ժամանակ ձեւակերպումները չեն համաձայնեցուցած, Եւրոխորհուրդի ղեկավարը որոշած է ինք ըսել այն, ինչ որ, իր կարծիքով, երկու կողմերուն դիրքորոշումները արտացոլող հնարաւորինս շատ տարրեր կը ներառէր:
«Թէ որքանով դա ստացուեց, որքանով է դա ճշտգրիտ, այլ հարց է: Բայց մենք մեր դիրքորոշումը յայտնել ենք, եւ այդ դիրքորոշման մէջ, բնականաբար, որեւէ փոփոխութիւն չկայ: Մենք շարունակելու ենք հետեւողականօրէն գնալ այդ ճանապարհով», ըսաւ Փաշինեան: