image

Երեւանի մէջ վերսկսած են բողոքի գործողութիւնները եւ երթերը

Երեւանի մէջ վերսկսած են բողոքի գործողութիւնները եւ երթերը

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման համախոհները գիշերած են Բաղրամեան պողոտայի վրայ` Ազգային ժողովի շէնքի մօտ, ուր տասնեակ վրաններ տեղադրուած են։

Շարժման առաջնորդի խօսքով` իրենք չափազանց կարեւոր ընելիք ունին յունիս 12-ին, բայց թէ ինչ տեղի պիտի ունենայ այդ օրը, չէ ուզած ըսել։

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամներն ու կողմնակիցները երթ կ՚իրականացնեն Երեւանի մէջ

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամներն ու կողմնակիցները երթ կ՚իրականացնեն Երեւանի մէջ:

Անոնք կը շարժին դէպի Մաշտոցի պողոտայ եւ հետագայ ուղղութիւնը չեն յայտներ։

«Մենք չենք բացայայտում մեր ծրագրերը, քանի որ իշխանութիւնները կարող են կանխարգելիչ գործողութիւններ ձեռնարկել եւ խանգարել դրանց իրականացմանը», –ըսած է Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեանը:

 

Շղթայով ու աղբամաններով փակուած փողոցներ

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամներն ու կողմնակիցները վերսկսած են բողոքի ու իրազեկման արշաւները։ Ինչպէս յայտնած է «Ազգային ճակատ» Telegram–եան ալիքը, վաղ առաւօտեան քաղաքացիները շղթայով փակած են Երեւանի Միասնիկեան պողոտան։

Իսկ ոմանք արշաւ ըրած են Վարդանանց փողոցի վրայ` ճանապարհը փակելով աղբամաններով։

Երիտասարդներն անհնազանդութեան արշաւներ ըրած են նաեւ Տիգրան Մեծի պողոտայի վրայ։

Յիշեցնենք` «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանը յունիս 9-ին տեղի ունեցած հանրահաւաքի ժամանակ յայտարարեց, որ առաջիկայ 4 օրերուն առանց ընդմիջման բողոքի գործողութիւններ պէտք է իրականացնեն հասնելու համար ՀՀ վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականին։ Ընդդիմադիր պատգամաւորներուն ալ սրբազանը յորդորեց յունիսի 11-ին` ժամը 16։30-ին, նիստ նախաձեռնել կառավարութեան հրաժարականի օրակարգով։

ԱԺ խորհուրդը մերժեց յունիս 11-ին արտահերթ նիստ կայացնելու միջնորդութիւնը։ Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ կառավարութեան հրաժարականի ուղերձով ԱԺ արտահերթ նիստը պիտի կայանայ յունիսի 17-ին՝ ժամը 18։30-ին։