image

Երեւանի մէջ. Թիւ 48 հանրակառքը բախած է շինութեան պատի, կան տուժածներ

Երեւանի մէջ. Թիւ 48 հանրակառքը բախած է շինութեան պատի, կան տուժածներ

Այսօր՝ հոկտեմբեր 14-ին, խոշոր մեքենայի վթար տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։

Այվազովսքի փողոցին մէջ «Ժոնկթոնկ» մակնիշի՝ թիւ 48 հանրակառքը կորսնցուցած է կառավարումը եւ բախած շինութեան պատին։ Նախնական տեղեկութիւններով՝ վթարի պատճառը եղած է մէկ այլ մեքենայի կողմէ հանրակառքի վարորդի համար վթարային իրավիճակ ստեղծելը։

Oragir.News-ի հաղորդմամբ՝ 1 հոգի տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած է «Էրեբունի» բժշկական կեդրոն, վարորդը եւս վնասուածք ստացած է, սակայն տեղւոյն վրայ բուժօգնութիւն ստացած է եւ հրաժարած է հիւանդանոց տեղափոխուիլ։

Դէպքի վայր ժամանած են պարեկներն ու շտապօգնութեան բժիշկներու հերթապահ խումբը։