image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ. Շանթ ընդ Վանիա ամուսնացեալք

  Երեւանի մէջ.  Շանթ ընդ Վանիա ամուսնացեալք

 

Բարի օրեր ու մանաւանդ խաղաղ երկինք կը մաղթենք մեր հայրենակիցներուն, այն հաւատքով, որ նման ուրախառիթ  խորհուրդները աւելիով կը շատնան եւ ձեւով մըն ալ կը սփոփեն մեր ժողովուրդի համընդհանուր ցաւն ու տառապանքը։

Օրերս ուրախ մթնոլորտի մը մէջ եւ ի ներկայութիւն  ընտանեկան պարագաներու, ընկերներու եւ բարեկամներու մեծ շրջանակի մը  Շանթ Դանիէլեան ընդ Վանիա Փօլատեան  կանգնելով Սուրբ Խորանին առջեւ   արժանի դարձած են Սուրբ Պսակի խորհուրդին։

 Նշենք, որ Շանթ, որ երաժշտութեան ասպարէզին մէջ է եւ անդամ է հանրահայտ «Նուռ Պանտ»  խումբին որդին է Յարութիւն եւ Ռոզէթ Դանիէլեաններու   իր ընտանեկան յարկը պիտի   կազմած է Վանիա Փօլատեանին, որ արմատներով Քեսապէն է եւ դուստրն է Տիկին Սեդա Փօլատեանին։

 

 Նշենք նաեւ, որ Սուրբ Պսակի խորհուրդը կատարուած է  Երեւանի Կոնտ շրջանի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, խաչեղբայրութեամբ Տէր եւ Տիկին Սամուէլ եւ Թամար Թէմանեաններուն։

 

 

 

 Ինչպէս նշեցինք, Շանթ   հանրայայտ ջութակահար է եւ հանդէս եկած է  Երեւանի մէջ ու տարբեր առիթներով ալ գրաւած է հանրութեան ուշադրութիւնը։ Ան, որ առիթով մը  մասնակից եղած է հարցազրոյցի մը պատմելով  երաժշտութեան հանդէպ իր տածած սիրոյն մասին մասնաւորապէս ըսած է ՝ «Ծնած եմ երաժշտական ընտանիքի մէջ: Մայրս կ’երգէ, մօրաքոյրներս դաշնակահար են, մօրեղբայրս աքորտէոն կը նուագէ: Սակայն ամենաշատը մեծհայրս ցանկացած է, որ ջութակ նուագեմ: Այդպէս` օր մը միասին գացինք երաժշտական գործիքներու խանութ, մեծհայրս ջութակ գնեց ինծի համար եւ տարաւ Բարսեղ Կանաչեանի անուան երաժշտական դպրոց: Յետագային աւարտեցի նաեւ Հալէպի պետական երաժշտանոցը: Կը նուագէի երկու հայկական նուագախումբերու մէջ: Այսպիսով` ջութակը հետս է հինգ տարեկանէս: Հայրս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ կ’աշխատէր: Մօրս հետ մեկնեցանք անոր մօտ` Ամանորը նշելու: Երբ կը մեկնէինք Հալէպէն, չէինք պատկերացներ, որ ատիկա վերջին անգամն էր, այլեւս մեր ծննդավայրը պիտի չվերադառնայինք: Ճանապարհները մեզի յետագային տարին Շարժա, ուր եօթ ամիս ապրելէ յետոյ` տեղափոխուեցանք Հայաստան՝ 2013-ին: Ատիկա իմ ցանկութիւնս էր, եւ վստահօրէն կրնամ ըսել, որ առաջին հերթին ինծի այստեղ բերաւ հայրենիքի սէրը, ոչ թէ պատերազմի սպառնալիքը»։

 

Բարի օրեր ու մանաւանդ խաղաղ երկինք կը մաղթենք մեր հայրենակիցներուն, այն հաւատքով, որ նման ուրախառիթ  խորհուրդները աւելիով կը շատնան եւ ձեւով մըն ալ կը սփոփեն մեր ժողովուրդի համընդհանուր ցաւն ու տառապանքը։