Երեւանի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան վախճանած է Հայաստանի Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու նախկին առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Նշան արք. Գարաքէհէեան:
Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք Երեւանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանէն։
Մեր ունեցած տուեալներով վաղը եւ չորեքշաբթի օր Երեւանի ու ապա Կիւմրիի մէջ վախճանեալ Գերապայծառի հոգիին համար պիտի կատարուի եկեղեցական կարգ, որմէ ետք վախճանեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Լիբանան՝ Զմմառու վանք, ուր եւ պիտի յանձնուի հողին։
Այս տխուր առթիւ «Արեւելք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Հայ Կաթողիկէ համայնքին եւ յատկապէս Հայաստանի Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու Առաջնորդ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Գերպ. Մինասեանին։
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք վախճանեալ Գերապայծառ հօր հակիրճ կենսագրականը.-
Արհ. Տ. Նշան Արքեպիսկոպոս Գարաքէհեան՝ մկրտութեան անունով Եղիան, ծնած է Յունաստանի Բիրիա քաղաքը 1932-ին:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հայ Կաթողիկէ եւ ՀԲԸՄ միացեալ վարժարանը, Ս. Յակոբի ազգային վարժարանը, Հայ Կաթողիկէ - Հ.Օ. Խաչ միացեալ վարժարանը, Ֆրեր Մարիսթ բարձրագոյն ուսման նախապատրաստական դպրոցը: 1948-ին մտած է Զմմառի վանքի փոքր նորընծայարանը, իսկ 1955-ին ընդունուած է Հռոմի Լեւոնեան Վարժարան եւ 6 տարի յաճախած Յիսուսեան հայրերու քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան մասնաճիւղը:
Քահանայ ձեռնադրուած է 2 յուլիս, 1960-ին:
1961-63 թուականներուն եղած է Զմմառի նորընծայարանի հսկիչ, 1963-68 թուականներուն՝ Պուրճ Համուտի փոխ ժողովրդապետ, 1968-69 թուականներուն՝ Գահիրէի փոխ ժողովրդապետ, 1969-ին՝ Պէյրութի փոխ ժողովրդապետ, 1969-1976 թուականներուն՝ Տըքուանէի Զմմառեան ճեմարանի տնօրէն, 1976-1977 թուականներուն՝ Զմմառի Մեծաւոր եւ ընդհանուր մատակարար, 1977-78 թուականներուն՝ Զալքայի հոգեւոր հովիւ, 1978-1984 թուականներուն՝ Սան-Փաուլոյի ժողովրդապետ եւ եպիսկոպոսական փոխանորդ, 1984-1991 թուականներուն՝ Մարսէյի ժողովրդապետ, 1991-ին, Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ, 1993-2001 թուականներուն ՝ Առաջնորդական Փոխանորդ Կաթողիկէ Հայոց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի, 2001-2005-ին, Իրանի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ 2001-ին ձեռնադրուելով եպիսկոպոս Սպահանի թեմի:
2005-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Քահանայապետը իր մահուընէ առաջ Հ. Նշանը անուանած է Հայաստանի Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ՝ փոխարինելով Հ. Ներսէս արք. Տէր-Ներսէսեանին: Որպէս Թեմի առաջնորդ Արհ. Տ. Նշան արք. Գարաքէհեան ծառայած է մինչեւ 2010 թուական:
2010-2015 թուականներուն, արք. Գարաքէհեան պաշտօնավարած է որպէս Իրանի եւ Յունաստանի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ:
2015-էն ի վեր, վաստակաւոր Նշան Սրբազան կը բնակէր Երեւանի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան մէջ: